Ծաղկազարդ
Ծաղկազարդ (ծառզարդար, ծառկոտրուկ), գարնանային բացօթեայ տօնախմբութիւններու սկիզբը ազդարարող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն։
Կը կատարուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ նշելու «Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ»։
Ծաղկազարդին հայոց եկեղեցիները կը զարդարուին ուռենիի ճիւղերով, առաւօտեան կը կատարուի ժամերգութիւն եւ Անդաստանի կարգ, որմէ ետք օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր կը բաժնուին հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք կը պահուին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ։ Ճիւղերուն կը վերագրուի բարիքի, առատութեան եւ պտղաբերութեան հմայական զօրութիւնը։ Հաւատալով, որ անոնցմով կ’աւելնայ իւղը, կը բազմանայ կաթնատուութիւնը եւ ձուատուութիւնը, ժամանակին անոնք դրուած են խնոցներու, մսուրներու եւ հաւնոցներու մէջ։
Continue reading