April 6

Ծաղկազարդ

Ծաղկազարդ (ծառզարդար, ծառկոտրուկ), գարնանային բացօթեայ տօնախմբութիւններու սկիզբը ազդարարող եկեղեցական եւ ժողովրդական տօն։

Կը կատարուի Զատիկէն մէկ շաբաթ առաջ՝ նշելու «Ք­րիս­տո­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ»։

Ծաղկազարդին հայոց եկեղեցիները կը զարդարուին ուռենիի ճիւղերով, առաւօտեան կը կատարուի ժամերգութիւն եւ Անդաստանի կարգ, որմէ ետք օրհնուած ձիթենիի ճիւղեր կը բաժնուին հաւատացեալ ժողովուրդին, որոնք կը պահուին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ։ Ճիւղերուն կը վերագրուի բարիքի, առատութեան եւ պտղաբերութեան հմայական զօրութիւնը։ Հաւատալով, որ անոնցմով կ’աւելնայ իւղը, կը բազմանայ կաթնատուութիւնը եւ ձուատուութիւնը, ժամանակին անոնք դրուած են խնոցներու, մսուրներու եւ հաւնոցներու մէջ։

Անդաստանի արարողութեամբ կ’օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, յատկապէս՝ Հայոց Հայրապետութիւնը, հայրենիքը, քաղաքներն ու գիւղերը իրենց բնակիչներով, վանքերը, արտերը եւ տարուան բերքը։ Անդաստանի արարողութիւնը տարուան ընթացքին կը կատարուի 25 անգամ։

Ծաղկազարդի երեկոյեան կը կատարուի Դռնբացէքի արարողութիւնը, որուն ընթացքին, «Բաց մեզ, Տէր, զդուռն ողորմութեան» շարականին ներքոյ, կը բացուին եկեղեցիներու խորաններուն վարագոյրները՝ խորհրդանշելով Տիրոջ երկրորդ գալուստը, աշխարհի վախճանը եւ Վերջին դատաստանը։ Ժամանակին այս արարողութիւնը կատարուած է եկեղեցւոյ փակ դրան առջեւ։ Կը կարդացուի «Երգ Երգոցի» մէկ հատուածը ամբողջութեամբ: Դռնբացէքի արարողութիւնը խօսակցութեան, հարց ու պատասխանի ձեւ ունի. «դռնբացէք» կը կոչուի, քանի որ անմիջականօրէն կապ ունի դրան հետ: Դուռը կամ վարագոյրը կը խորհրդանշեն երկինքի արքայութեան դռները, որոնցմէ դուրս գտնուող ժողովուրդը արքայութիւն մտնելու արտօնութիւն կը խնդրէ Աստուծմէ:

Ծաղկազարդը, մեր հայրապետներուն տնօրինութեամբ, հռչակուած է մանուկներու օրհնութեան օր, որովհետեւ երբ Տէրը Երուսաղէմի տաճար կը մտնէր, մանուկները կ’աղաղակէին ըսելով. «Օրհնութի՜ւն, Դաւիթի որդիին» (Մատթ. 21:15)[1]: Այդ օրը մանուկները կը հագնին իրենց տօնական հագուստները, փոքրերը զարդարուն մոմերով կ’ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին թափօրին:

Ծաղկազարդի տօնէն ետք, Երկուշաբթիէն մինչեւ Ս. Յարութեան տօնը կը կոչուի Աւագ Շաբաթ:

Տօնին արմատներն ու խորհուրդը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ’ենթադրուի, որ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանին տօնը նուիրուած է ջուրի եւ անձրեւի աստուածուհի Նարին։ Նար պտղաբեր անձրեւներ կ’ուղարկէր երկիր։ Երաշտի ատեն մարդիկ տիկնիկներու եւ ծիսական երգերու ուղեկցութեամբ մաղթանքներ կ’ուղղէին Նարին, որպէսզի ան անձրեւ տար դաշտերուն։ Ծէսին մաս կազմող տիկնիկը ունէր տարբեր անուններ՝ Նուրի, Հուրի, Խուճկուրուրիկ, Չիչի-մամա, Ճիճի-մումա եւ այլն[2]:Ծաղկազարդին բաժնուող ուռենիի ճիւղեր


Posted April 6, 2022 by vanetumanean in category Ես և շրջակա

Leave a Comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

*